2013-02-12 13:28:56

Բեմադրիչ Արտակ Սեւատա-ի «Տը Ճենեքս»` Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Պատմող Շարժանկարը։


24 ապրիլ 2015-ին պիտի ներկայացուի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Տը Ճենեքս» շարժանկարը, որուն բեմադրիչն է Արտակ Սեւատա:
Շարժանկարին մէջ նկարահանուած են աշխարհահռչակ դերասաններ Ալ Փաչինօ, Լէոնարտօ Տի Քափրիօ, Նաթալի Փորթման, Ուիլիըմ Ֆիթչըր, Թոմ Ուիլքինսըն եւ յայտնի այլ դերասաններ:
«Եու-թուպ»-ի վրայ ներկայացուած տեսարանին միջոցով` շարժանկարի հեղինակները կը մատուցեն շարժանկարի գաղափարը, տեսլականը: Նկատելի է, որ նիւթը կը վերաբերի հայ-ամերիկեան քրէական խմբաւորումի մը, մինչ նիւթը կը ծաւալի ամերիկահայ աղջկան մը շուրջ, որ կը բացայայտէ ապահովագրական առաջնակարգ կազմակերպութիւններու, ելեւմտական կազմակերպութիւններու շարք մը խաղերը, որոնք միայն միջնորդաւորուած ձեւով կը վերաբերին նոյնինքն Հայոց Ցեղասպանութեան:
Շարժանկարի իբրեւ կարգախօս ընտրուած է Յիսուսի «ընդունէ՛ ճշմարտութիւնը եւ անիկա ազատ պիտի դարձնէ քեզ» խօսքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.